2013-08-02 11:06:36

Հաւատոյ Տարի` Հաւատքն Ու Ապաշխարութիւնը


Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս քանիցս ըսած եւ կրկնած է հետեւեալ խօսքը. «Ապաշխարեցէ՛ք, որովհետեւ երկնքի արքայութիւնը մօտեցած է»: Ի՞նչ կը նշանակէ ապաշխարել: Ապաշխարութիւն կը նշանակէ ապա-աշխարել, այսինքն՝ հետո լալ, ողբալ, կոծել, մէկ խօսքով՝ կատարած մեղքի համար զղջալ եւ գործած չարիքի դիմաց սեփական անձը պատժել: Ապաշխարութեան խորհուրդը կը սկսի նախ մեղքի գիտակցումով: Մեղքը գիտակցող անձը պէտք է անկեղծ զղջում ունենայ եւ մեղքը չկրկնելու վճռակամութիւնը: Ապաշխարութեան խորհուրդի ժամանակ հաւատացեալը սրտի անկեղծ զղջումով կը խոստովանի իր մեղքերը խոստովանահօր առջեւ եւ անոր միջնորդութեամբ անտեսանելիօրէն եւ անմիջապէս թողութիւն կը ստանայ Յիսուս Քրիստոսէն:
Որո՞նք կ՛երթան բժշկին քով, միթէ հիւանդները չե՞ն: Յիսուս-Քրիստոս չըսա՞ւ Աւետարանին մէջ թէ «առողջները պէտք չունին բժշկի, հապա՛ հիւանդները»: Արդ, մեղաւորներս հիւանդներ ենք, հոգեւոր հիւանդներ, հետեւաբար, պէտք ունինք հոգեւոր բժիշկներուն: Եթէ, արդարեւ, կը ճանչնանք քահանաները իբրեւ ճշմարիտ բժիշկներ եւ, զմեզ, մեղաւորներս ալ՝ իբրեւ հիւանդներ, որեւէ պատճառ մը չունինք անոնցմէ փախչելու՝ խոստովանանքէ հեռանալու:
Ս. Օգոստինոս ըսած է այս հիանալի խօսքերը . «Երկինքէն իջաւ մեծ բժիշկը, քանզի գետնին վրայ պառկած էր մեծ հիւանդը»: Աստուածային այս բժիշկը քահանաներուն հաղորդեց իր բժշկական զօրութիւնը, ապաքինելու համար մեղքերով վիրաւորուած հոգիները, եւ այս բժշկութեան եւ ապաքինութեան դեղը կը տրուի, կը բաշխուի ապաշխարութեան խորհուրդին մէջ: Ասիկա՛ մեր հաւատքի անբաժան իրականութիւններէն մին է: Մենք՝ կը հաւատանք թէ խոստովանահօր տուած արձակումը մեր հոգւոյն ամէն վէրքերն ու աղտերը կը սրբէ եւ կատարեալ առողջութիւն կը պարգեւէ:
Եթէ մէկը կ՛ուզէ հիւանդութենէ, ախտէ մը բժշկուիլ պէտք է որ մեծ վստահութիւն ունենայ իր բժշկին գիտութեան, վարդապետութեան, փորձառութեան եւ կարողութեան վրայ: Պէտք է որ պարզապէս անոր յայտնաբերէ այն ախտն ու հիւանդութիւնը որով կը տառապի եւ, սոյն ախտին արտադրած արդիւնքները, այսինքն այն բաները զորս կը զգայ: Եթէ վէրք մը ունի պէտք է որ զայն ցոյց տայ եւն: Նմանապէս վարուելու է մեղաւորը իր խոստովանահօր հետ, պէտք է որ անկեղծօրէն անոր յայտարարէ իր բոլոր մեղքերը, առանց ամչնալու, առանց անոնցմէ հատ մ՛իսկ պահելու: Անոր յայտարարելու է մեղքին առիթները, անոր հետեւանքները: Անոր յայտնելու է նաեւ իր հակումները, իր կիրքերը, իր ունակութիւնները: Ապա թէ ո՛չ անիկա պիտի չբժկուի, որովհետեւ անոր հոգւոյն մէջ կը պահէ մահառիթ թոյն մը որ անոր պիտի պատճառէ յաւիտենական մահ մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.